ԲԱՆԿԱԼԹԻԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ;
Լուսաւորիչ Երգչախումբը իր անունը առած է Բանկալթիի պատմական Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն, որ կը գտնուէր այսօրուան Տիվան Պանդոկի հողամասին վրայ: Բանկալթիի Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցին ծագում առած է Բանկալթիի Գերեզմանատունէն, որուն տարածութիւնը կ՚երկարէր Տիվան պանդոկէն մինչեւ ռատիոկայան:
1865-ին Տօքթ. Ստեփան Փաշա Արսլանեանի, Տօքթ. Սէրվիչէնի եւ Տօքթ. Բարունակ Պէյ Ֆէրուհխանի նախաձեռնութեամբ գերեզմանատան հարաւային ծայրը կը հաստատուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին: Բայց նոյն տարին կ՚արգիլուի այդ գերեզմանատան մէջ ննջեցելոց թաղումը եւ այնուհետեւ եկեղեցական արարողութիւններէ վերջ ննջեցեալները կը փոխադրուին Շիշլիի Գերեզմանատան, բայց կը շարունակուին պաշտամունքի արարողութիւնները։
Եկեղեցիին մատակարարութիւնը հիմնարկութեան թուականէն սկսեալ պատկանած է Բերայի թաղականութեան նաեւ հոգեւոր մատակարարութիւնը՝ Բերայի քահանայից դասուն: Բերայի թաղային խորհուրդը այս եկեղեցիին նիւթական մատակարարութիւնը յանձնած էր իր կողմէ նշանակուած հոգաբարձուներուն:
Ահա այս հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ 1929-ին կազմուած է Լուսաւորիչ Երգչախումբը: Երգչախումբի հիմնադիր վարիչը եղած է նոյն եկեղեցւոյ երաժշտապետը՝ Գրիգոր Կիւմիւշեան, որ 1929-էն մինչեւ 1945 թուականը խումբը վարած է Եկմալեան եղանակաւ ու երկսեռ կազմով:
20 Յուլիս 1930-ին տեղի կ’ունենայ առաջին ընդհանուր ժողովը 36 երկսեռ անդամներու մասնակցութեամբ:
Բացի Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն, խումբը մասնակցած էր նաեւ Ֆէրիգիւղ, Խասգիւղ,Գնալը Կղզի, Ոսկեբերան եւ այլ եկեղեցիներուն մէջ երգուած Ս. Պատարագներուն:
1941-ին Բանկալթիի Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցին եւ Բանկալթիի Գերեզմանատունը ապասեփականութեան ենթարկուելով կը փլչուի: Փլուզումէն օր մը առաջ, որ կը զուգադիպէր Յարութեան վերջին Կիրակիին (16 Փետրուար 1941), Լուսաւորիչ Երգչախումբը իր կազմով կ՚երգէ Ս. Պատարագը հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Պատարագիչն էր Տ. Թէոդորոս Ա. Քհնյ. Ֆըչըճեան:
ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Այնուհետեւ Լուսաւորիչ Երգչախումբը ինչպէս նաեւ Բանկալթիի եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը, փոխադրուեցան Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի, որ նմանապէս Պէյօղլուի Թաղային Խորհրդոյ ենթակայ էր: Գոյքերը փոխադրուեցան Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ վերնայարկը, իսկ շապիկները՝ Ս. Յարութիւն Եկեղեցի: Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ երաժշտապետն էր Սեփոն Յակոբեան: Ս. Յարութիւն Եկեղեցին հաւաքատեղի մը չունէր: Մինչեւ 1944, փորձերը կը կատարուէին եկեղեցւոյ պահարանը, իսկ վարչութեան ժողովները՝ Պր. Կիւմիւշեանի բնակարանը:
1944-ին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Աւագերէց Տ. Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի միջնորդութեամբ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ առժամեայ վայր մը ապահովուեցաւ երգչախումբիս համար:
Անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ Լուսաւորիչ Երգչախումբը Պէյօղլուի մէջ ամէն առիթով Տ. Թովմա Հօր հովանաւորութիւնը վայելած է:
Ս.Յարութիւն Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան թուականը յայտնի չէ, սակայն ծանօթ է, թէ 1861-ին ի հիմանէ վերաշինուած է այդ փայտաշէն եկեղեցին Էսաեան բարեհամբաւ գերդաստանի հարազատներուն՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան եղբայրներու կողմէ, Էսաեան Վարժարանի հետ միասին:
Ըստ կտակի, ամէն տարի Ս. Ծննդեան ութօրէքին այս եկեղեցոյ մէջ յատուկ Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի ի յիշատակ Էսաեան բարերար գերդաստանի ննջեցեալներուն:
Սեպտեմբեր 1945-ին մնայուն վարիչ կը նշանակուի Կոմիտաս Երգչախումբի այդ շրջանի ծանօթ անդամներէն Արշամ Ճիզմէճեան, որ պաշտօնավարած է մինչեւ 1947:
Փետրուար 1947-ին Պէշիկթաշի Նարեկացի Երգչախումբի վարիչ Արթիւր Մսրլեան կը կոչուի խմբավարութեան պաշտօնին, զոր կը ստանձնէ սիրայօժար կերպով: Առաջին պատարագը կը վարէ Ծաղկազարդի օրը: Այդ շրջանին Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ երաժշտապետն էր Յարութիւն Աղքատիկեան:
1954-ին դպրապետ կ՛ընտրուի Ժիլպէռ Բարունակեան, իսկ վարչական կազմը կը բաղկանար հետեւեալներէ. Եդուարդ Գռվան՝ Ատենապետ, Միսակ Յովակիմեան՝ Ատենադպիր, Պետրոս Լուսարարեան՝ Գանձապետ, Արթիւր Մսրլեան, Օննիկ Տէօքմէճեան, Պերճ Գամբարոսեան եւ Յակոբ Գարագաշ՝ Խորհրդականներ:
Տօքթ. Արթիւր Մսրլեանի 1956-ին Ամերիկա մեկնումէն յետոյ, Սեպտեմբեր 1956-էն սկսեալ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Երգչախումբի վարիչ Նուպար Գարիպեան առժամաբար փորձերը եւ մաս մը պատարագները վարեց, իրեն օգնական ունենալով փոխ վարիչ Պետրոս եւ Նուպար Գամճեան եղբայրները:
1957-ի Մարտին, Վարդգէս Եղիաեան, Լուսաւորիչ Երգչախումբի խմբավարութեան պաշտօնին կոչուեցաւ, որ նախապէս Սկիւտարի Ս. խաչ — Լուսաւորիչ Երգչախումբի վարիչն էր: Վարդգէս Եղիաեան մինչեւ 1966 համերաշխ շատ մը գործունէութիւններ ունեցաւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի մէջ։ 1966-ին բաժնուեցաւ եւ Ամերիկա հաստատուեցաւ:
Վարդգէս Եղիաեանի 1965-ին մեկնումէն յետոյ, միջոցի մը համար պատարագները վարեց Տօքթ. Տիգրան Մամիկոնեանը, որմէ վերջ 1966-էն մինչեւ 1972 Զարեհ Թագւորեան իբր մնայուն վարիչ պաշտօն ստանձնեց։
1967-1969 շրջանի վարչութեան մէջ պաշտօն առած էին. Ժօզէֆ Հասիպեան՝ Ատենապետ, Յարութիւն Տալտապանեան՝ Բ. Ատենապետ, Միսաք Յովակիմեան՝ Ատենադպիր, Ժիրայր Սէրթէլեան՝ Բ. Ատենադպիր, Յովհաննէս Չիլճեան՝ Գանձապետ, Արտաւազդ Մամիկոնեան եւ Յակոբ Գարագաշ՝ Խորհրդական:
1972-ին խմբավարութեան պաշտօնը յանձնուեցաւ Զուարթնոց Երգչախումբի Հարիւր Մանկանց Երգչախումբէն հասած Գէորգ Պօյաճեանի, որ պետական օփերայի մենակատարներէն էր: Գէորգ Պօյաճեան օգտաշատ գործունէութիւններ ունեցաւ մինչեւ 1981, երբ Ջուիցերիա բնակութիւն հաստատեց:
Նոյն շրջանին իբր մենակատարներ խումբիս մեծապէս սատարած են պետական օփէրայի անդամներէն Պետրոս Գույումճեան եւ Տիանա Չէփիչ Պօյաճեան:
Գէորգ Պօյաճեանի մեկնումէն յետոյ, 1981-ին երգչախումբիս հիմնադիր-վարիչ Գրիգոր Կիւմիւշեանի աշակերտներէն Արտաւազդ Մամիկոնեան, որ երաժշտական ձիրքերով օժտուած փորձառու երէց անդամներէն էր, վարիչ նշանակուեցաւ եւ մինչեւ 1991 մեծ նուիրումով առաջնորդեց երգչախումբը։ Այդ տասնամեակին վարիչն ու տնօրէն խորհրդոյ անդամները դժուարին պայմաններու մէջ աշխատեցան, որովհետեւ հետզհետէ կը նօսրանային անդամական շարքերը: Երէց անդամներու տեղ նորեկներ չէին հասներ: Այս կացութիւնը տեւեց մինչեւ որ մանկանց կազմի մը հիմերը դրուեցան:
Այդ կազմը ի մի հաւաքելու մէջ իրենց անուրանալի ծառայութիւնը բերին Ալիս եւ ժիլպէռ Բարունակեան ամոլը՝ զանազան վարժարաններէ մանուկներ եկեղեցի առաջնորդելով եւ անոնց վրայ հսկելով: Այդ մանուկներուն համար Պէյօղլուի թաղային խորհրդոյ օժանդակութեամբ տրամադրուեցաւ երթուդարձի փոխադրական միջոցներ։ Վարիչ նշանակուեցաւ եկեղեցւոյ երաժշտապետը՝ Վահրամ Ծերունեան։ Այս մանկանց խումբը, հիմը եւ կորիզը կազմեց արդի երիտասարդաց երգչախումբին:
1984-ի ընտրութիւններուն պաշտօնի կոչուեցան. Ասատուր Սարաֆեան՝ Ատենապետ, Յովհաննէս Չիլճեան՝ Բ. Ատենապետ, Դանիէլ Ալլահվէրտի՝ Ատենադպիր, Պարոյր Տամատեան՝ (Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ.) Բ. Ատենադպիր, Յակոբ Սարաֆեան՝ Գանձապետ, Կարպիս Մանկիեան՝ Գոյքապահ, Սիրունակ Միրիճանեան, Յակոբ Գարագաշ (Պարթեւ Քհնյ. Աւստրալիա), Յովհաննէս Կարապետեան՝ Խորհրդականներ:
1987-էն մինչեւ 1991, Ասատուր Սարաֆեանի ատենապետութեամբ Տնօրէն Խորհրդոյ մաս կազմեցին եւ աշխատանք տարին նաեւ Տօքթ. Ռաֆֆի Սիւզմէ՝ Ատենադպիր, Յակոբ Սարաֆեան՝ Գանձապետ, Վարուժան Էրքման՝ Գոյքապահ, Յակոբ Մամիկոնեան՝ Խորհրդական:
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ
Մանուկները մեծցան, հասունցան եւ խումբը ժամանակի ընթացքին բազմանալով, բոլորովին երիտասարդներէ բաղկացած երգչախումբ մը ի յայտ եկաւ եւ 1990-ին Արտաւազդ Մամիկոնեանի որդին՝ Յակոբ Մամիկոնեան, որ երաժշտանոց ալ կ՚աշակերտէր, նշանակուեցաւ վարիչ:
Յակոբ Մամիկոնեան Լուսաւորիչ Երգչախումբի վարիչ նշանակուելէն յետոյ, մեր ազգային վարժարաններու մէջ ալ իբր երաժշտութեան ուսուցիչ պաշտօնավարել սկսաւ ու բազմաթիւ աշակերտներ հասցուց, որոնցմէ մէկ մասը Լուսաւորիչ Երգչախումբին անդամակցելով պատարագի երգեցողութեան կազմը զօրացուցին, իսկ մէկ մասն ալ միայն աշխարհիկ երգերու եւ երաժշտական հանդէսներու հետեւեցան:
Աշխոյժ պատրաստութեան շրջանէ մը վերջ, աշխարհիկ երգերու առաջին համերգը սարքուեցաւ 11 Ապրիլ 1992-ին Նարեկեան սրահին մէջ գրեթէ պատանեկան կազմով։ Երգահանդէսը հովանաւորեց Գարեգին Բ. Պատրիարքը, իր հետ ունենալով Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ առաջնորդ Տ. Տիրայր Արք. Մարտիկեանը, ինչպէս նաեւ Տ. Տարօն եւ Տ. Նշան Քհնյ. հայրերը։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի թաղային խորհրդոյ անդամները գլխաւորութեամբ Ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանի: Լուսաւորիչ Երգչախումբը այնուհետեւ 1993 եւ 1994-ի համերգներով բեմ բարձրացաւ Գարակէօզեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ։
Յունուար 1995-ին Էսաեան Վարժարանի հարիւրամեակին առթիւ երգչախումբս կատարեց Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը։ Նոյն առիթով առաջին անգամ բարձրացաւ Աթաթիւրք Մշակութային Կեդրոնի բեմը։
Յունիս 1996-ին քաղաքիս մէջ կազմակերպուեցաւ <<Habitat II NGO FORUM 96>> միջազգային հաւաքոյթը, որուն գեղարուեստական բաժնին մասնակցութեան հրաւիրուեցաւ նաեւ Լուսաւորիչ Երգչախումբը։
1997-ին Լուսաւորիչ Երգչախումբը Էսաեան Սանուց Միութեան հիմնադրութեան յիսնամեակին առթիւ համերգներ սարքեց Մաչքա Մատէն Ֆաքիւլթէի սրահին մէջ ընկերակցութեամբ՝ Մարալ Պարախումբի:
Երգչախումբս յաջորդ տարի՝ 1998-ին, նոր յայտագրով սարքեց տարբեր համերգ մը Գումգաբու Գազազ Արթին Ամիրա սրահին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ իր գնահատանքը յայտնեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան (այժմ՝ Վախճանեալ Պատրիարք Թուրքիոյ Հայոց):
1999-ին նախ Պէյօղլու Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով, ապա Աթաթիւրք Մշակութային Կեդրոնի մէջ սարքուած համերգով մը տօնակատարուեցաւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի հիմնարկութեան 70ամեակը։
Մայիս 2001-ին երգչախումբին տարեկան համերգը սարքուեցաւ Աթաթիւրք Մշակութային Կեդրոնին մէջ բոլորովին նոր յայտագրով մը, որուն մաս կազմեցին Mendelson, Vivaldi, Geneի նման երգահաններու գործերէն նմոյշներ։
Լուսաւորիչ Երգչախումբը 2004 տարեշրջանի աւարտին պիտի թեւակոխէր իր հիմնարկութեան 75ամեակը, այդ պատճառաւ տարւոյն սկիզբէն կազմուեցաւ յոբելենական յատուկ յանձնախումբ մը։ Տարեդարձի Ս. Պատարագին եւ աշխարհիկ հանդիսութեան կից, ծրագրուեցաւ նաեւ համերգ մը սարքել Աթաթիւրք Մշակութային Կեդրոնին մէջ, ինչպմէս նաեւ յուշամատեանի մը պատրաստութիւնը։
Այդ համերգէն մօտաւորապէս ամիս մը վերջ Լուսաւորիչ Երգչախումբը յատուկ հրաւէրով մը մեկնեցաւ Անգարա, որպէսզի մասնակցի Թուրքիոյ բազմաձայն երգչախումբերու միութեան կողմէ կազմակերպուած փառատօնին։ Այս փառատօնին ներկայ գտնուեցաւ անընդhատ հինգ տարիներ եւ արժանի եղաւ բարձր մրցանակներու ինչպէս՝ “Entonasyon, Homojenlik, Koro Tınısı” “Müzikalite, Müzikal Dinamikler” “Koro, şef uyumu” “Özgün eser yorumlama” “Jüri Özel Ödülü” “5 yıl aralıksız katılım ve çoksesli müziğe katkı. Bronz madalya”։
2005-ին Ճէմալ Ռէշիթ Ռէյ համերգասրահին մէջ բեմադրուեցաւ «Տեսիլք» համերգաշարը. Գարօլին Մամիկոնեանի «Երազ» պարախումբով, Պարթեւ Կարեանի մենակատարութեամբ եւ Առագաստ նուագախումբի ընկերակցութեամբ։
2006-ին Լուսաւորիչը «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» փառատօնին մասնակցելով եղաւ առաջին Պոլսահայ երգչախումբը, որ այցելեց Հայաստան։ Հանդէս եկաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
2007-ին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 200ամեակին առթիւ բեմ բարձրացաւ Պետական սենֆօնիք նուագախումբով։ Այս համերգին ձայնագրութիւնները ալպոմի վերածուեցան Kalan Müzik ընկերութեան ձեռամբ։ 2009 Ճումհուրիյէթ օրաթերթին մէջ Էվին Իլյասօղլուն ալպոմի մասին գրած է. «-koro, büyük fortelerdeki zenginliği, birlikte söylemedeki ustalığı ve ağız yapısındaki özeniyle çok etkileyici. Lusavoriç Korosunun temeli 1929’a dayanıyor. Koro müziğine dünüyle bugünüyle katkıda bulunan, dağarcık araştırması yapan ve yerelden evrensele doğru düzeyi yitirmeden çalışan şef ve üyeleri kutlamak gerek.»։
2008-ին Լուսաւորիչ դարձեալ Երեւան մեկնեցաւ եւ համերգ սարքեց այս անգամ սենֆօնիք նուագախումբով Կոմիտասի սենեակային երաժշտութեան տան մէջ։ Լուսաւորիչը, համերգին առընթեր Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երգեց նաեւ Կոմիտասեան Ս. Պատարագը Վեհաբար Հօր հրաւէրով։ Այս մէկը առաջինն էր Պոլսահայ երգչախումբերու պատմութեան մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Սահակ Սրբազան Մաշալեան, որուն անդրանիկ Պատարագն էր եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ յետոյ։
2009 եւ 2010-ին երգչախումբը մասնակցեցաւ Պոլսոյ “Korofest” փառատօններուն, ներկայացնելով Հայկական խմբերգային նմոյշներ։
2010-ին մասնակցեցաւ İstanbul Avrupa Kültür Başkenti վերնագրով ձեռնարկներուն, ներկայացնելով Հայերէն եւ օտար լեզուներով խմբերգային գործեր։
2012-ին Մաժակ Թօշիկեանի «Դարէ դար Աղթամար» անուն արդի օրաթօրիոն բեմադրուեցաւ երգչախումբի կատարումով, որ ձօնուած էր Մարմարա օրաթերթի 70 ամեակին։
2014-ին Լուսաւորիչ 3րդ անգամ Հայաստան մեկնեցաւ, որպէսզի մասնակցի «Իմ Հայաստան» փառատօնին։ Հանդէս եկաւ Առնօ Պապաճանեան համերգասրահին մէջ։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Հակոբեան նախարարութեան ամենաբարձր նշանով՝ ոսկեայ մետայլով պարգեւատրեց երգչախումբը։
2015-ին «Պոլսահայ մշակոյթի օրեր» ու ընթացքին Մաժակ Թօշիկեանի յօրինումներու ներկայացման եւ ի մասնաւորի «Հրանդ Տինք» օրաթօրիոյի բրեմիերի համար երգչախումբը 4րդ անգամ մեկնեցաւ Հայաստան։ Խումբը հանդէս եկաւ Արամ Խաչատուրեան համերգասրահին մէջ։
2016-ին Մխիթարեան Սանուց Միութեան 70 ամեակին առթիւ երգչախումբը Պետական Սենֆօնիք Նուագախումբի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ կատարեց «Հրանդ Տինք» օրաթօրիոյի Թուրքիոյ բրեմիերը, Լիւթֆի Քըրտար համերգասրահին մէջ։
2017-ին Զահրատի ոգեկոչման հանդիսութեան փակումը եղաւ Երգչախումբի համերգով։
2018-ին իբր ներկայացուցիչ Հայ համայնքի մասնակցեցաւ “Korolar Maratonu” փառատօնին, որ կազմակերպած էր Երգչախմբային Մշակոյթի Միութիւնը։
1991-էն ի վեր երգչախումբի փորձերուն եւ համերգներուն իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած են դաշնակահարներ Սեւան Ակօշեան, Շանթ Էօզպիւլպիւլ, Ռոպեր Տողանայ, Անի Սազաք Արսու, Արետ Պոզթաշ, Ժուլիա Թաւիդ, Աննա Ուղուրլուեան եւ Մելինէ Թեմելճին։
Լուսաւորիչ երգչախումբը Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները ինչպէս միշտ կը կատարէ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, իսկ զանազան առիթներով Կոմիտասեան բազմաձայն Ս. Պատարագը երգած է Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս, Վանայ Աղթամար Կղզու Ս. Խաչ, Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցիներու նաեւ Էջմիածնի Մայր Տաճարի մէջ։
Լուսաւորիչը 2014-ին որոշեց հիմնել մանկանց երգչախումբ մը, հետեւելով 1990ականներու ծրագրին, որպէսզի պահպանէ եւ յաջորդ սերունդներու փոխանցէ Հայ երաժշտական եւ խմբերգային մշակոյթը։ Սերճան Կազերօղլու եւ Արետ Պօզթաշի խմբավարութեան շրջաններէն յետոյ այժմ խումբը կը մարզուի Հրանդ Չիզմեճեանի ձեռամբ։
Բոլորին ծանօթ է, թէ բազմաձայն խմբերգային երգեցողութեան արուեստը կը պահանջէ խիստ եւ լուրջ աշխատանք։ 80 եւ 90ական թուականներուն երբ արդի համակարգիչներու եւ խելացի բջիջայիններու նման գործիքներ գոյութիւն չունէին երիտասարդներ իրենց ազատ ժամերուն կը նախընտրէին խմբերգային աշխատութեանց մասնակցիլ։ Այդ օրերուն երգչախումբ մը տարուան մէջ լեցուն սրահներով 2 համերգ կազմակերպելու բախտը ունէր, իսկ ներկայիս կեանքի պայմանները եւ լսողականէ աւելի տեսողականի նախընտրումը կը պատճառէ փոխանակ տարին 2 համերգի այլ 2 տարուան մէջ հազիւ համերգի մը իրականացման։
Լուսաւորիչ երգչախումբը հակառակ իր պատկանած թաղին մէջ տիրող նիւթական եւ բարոյական բացասական պայմաններուն կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ Պրն. Գրիգոր Կիւմիւշեանի եւ իր անդրանիկ աշակերտներէն Պրն. Արտաւազդ Մամիկոնեանի ստեղծած եւ մշակած ոգիով յառաջ տանիլ Հայ խմբերգային երգեցողութեան 90 ամեայ ծառայութիւնը։
Ձեր վարձքը կատար Լուսաւորչի 90 ամեայ երգիչներ։

